Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցին սորուելու եւ աշակերտելու վայր է: Միասին մենք Քրիստոսով կ’աճինք:
Ինչպես Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ.
«Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստելու եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ դնելու համար, որպէսզի Քրիստոսի մարմինը՝ եկեղեցին աճի ու զօրանայ, մինչեւ բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան. այսինքն՝ մինչեւ հասնինք հաւատքի չափահասութեան, Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան:» (Եփ. 4:12-13)
Մեր հովիվները կրօնք կը դասաւանդեն Վահան եւ Անուշ Շամլեան ու Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարաններէն ներս: Կ’առաջարկենք Աստուածաշունչի սերտողութիւն մեր բոլոր զաւակներուն՝ ըլլայ մեծահասակներուն եւ երիտասարդներուն: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելեք ստորեւ զետեղուած էջերուն: