St. Mary's Armenian Apostolic Church Glendale, California. Ladies Guild during Palm Sunday.

Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը համագործակցաբար հովիւներու եւ հոգաբարձութեան իր եկեղեցանուէր աշխատանքը կը տանի ի պայծառութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ: Տիկնանց Միութիւնը վերանորոգ թափով կը ծառայէ ու կը յարգէ ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւնները` իր շուրջ համախմբելով հաւատացեալ ժողովուրդը, ի նպաստ եկեղեցւոյ կանգուն մնալուն: Տիկնանց Միութիւնը կը պահպանէ Հայկական աւանդական մեր հարուստ ժառանգութիւնը եւ նոր սերունդին մասնակից կը դարձնէ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն:

Տիկնանց Միութեան Ձեռնարկներ եւ Գործունէութիւններ

  • Նոր Տարուան Վաճառք
  • Ս. Սարգիսի Նախաճաշ եւ Թահինի Հացի պատրաստութիւն
  • Կանանց Համաշխարհային աղօթք
  • Միջինք
  • Ծաղկազարդի Մոմավաճառք
  • Ուխտագնացութիւններ
  • Համբարձումի Հաւաք
  • Ս. Աստուածածնայ Տօն – խաղողօրհնէք
  • Ընկերային Հաւաք