St. Mary's Armenian Apostolic Church Glendale, California. Torkom Srpazan officiating service.

Եկեղեցւոյ մեր հովիւները իրենց կեանքը նուիրած են Հայ համայնքի ծառայութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան գործին:

Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան

Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 31 Մարտ 1991-ին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը աւարտած է 17 Յունիս 2012-ին, ապա անմիջապէս Դպրեվանքի հսկիչ նշանակուած է: 2013-ին մեկնած է Զուիցերիա իր ուսումը շարունակելու Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին մէջ: Աւելի ուշ, 2014-ի Մայիսին ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Պոսթըն քաղաքի Ս. Խաչ Ուղղափառ աստուածաբանական համալսարանին մէջ երեք տարի ուսանելէ ետք՝ 2017-ին կ’աւարտէ Մագիստրոսի կոչումով։ 2018-ին Լիբանան վերադարձին, ան հետեւած է նաեւ Ս. Գրային յունարէն եւ եբրայերէն լեզուներու դասընթացքներու, Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկին մէջ։

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, զանազան պատասխանատուութեանց կողքին, Հայր Սուրբը նաեւ վարած է Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչի պաշտօնը։ 1 Փետրուար 2022-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի որոշումով, Հայր Սուրբը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ կը նշանակուի:

Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան

St. Mary's Armenian Apostolic Church Glendale, California. Archpriest Fr. Komitas Torosian.

Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան M.Div, CMFT

Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը ծնած է 1983 թուականին, Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքի մէջ եւ հասակ առած Գանատայի Թորոնթօ քաղաք: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ եւ 2008-ին վկայուած է Bachelors of Science (Psychology and Neuroscience) տիտղոսով:

Աստուածաբանական համալսարան հաճախելով, 2012-ին ստացած է մագիստրոսի վկայական (M. Div), Թորոնթոյի համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքի՝ Սուրբ Միքայել քոլեճէն: Նույն թուականին, ընտանեոք տեղափոխուած եւ հաստատուած է Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաք, ուր անմիջապէս գործի ընդունուած է Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի մէջ։

2017 թուականին Քահանայական ձեռնադրութիւն ստացած է ձեռամբ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: 2018 թուականին ստացած է Marriage and Family Counseling certificate: Իսկ 2019-ին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ Խառն ժողովի որոշումով նշանակուած է հոգեւոր հովիւ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայ Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ :

Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը ներկայիս կրօն կը դասաւանդէ Հոլիվուտի Ազգային Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոսի և Ազգային Վահան և Անուշ Շամլեանի դպրոցներուն մէջ: Նաեւ Արեւմտեան Թեմի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջեւ ներկայիս կապն է, կը պատրաստէ Եկեղեցւոյ շաբաթաթերթը, շաբաթական խորհրդածութիւններ կը վարէ Առաջնորդարանի «Եղեղեցին Հայկական» հեռուստատեսային ծրագիրին վրայ, եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Առաջնորդարանի «Կիլիկիա» պարբերաթերթին։